2017-03-06 09:23:00

Քալիֆորնիոյ մէջ արիւնալի բախումեր` Թրամփի համակիրներու եւ ընդդիմադիրներու միջեւ։


Քալիֆորնիոյ Պըրքլի քաղաքին մէջ Միացեալ Նահանգներու նահագահ Տանըլտ Թրամփի համակիրներուն եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ տեղի ունեցան արիւնալի բախումներ, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան երեք վիրաւորներ: Ոստիկանութիւնը ձերբակալեց հինգ անձեր:

Թրամփի համակիրները որոշած էին նախագահին զօրակցութեան քայլարշաւներ կատարել ի պատասխան ընտրութենէն ետք երկրի տարածքին անոր դէմ կատարուող ցոյցերուն: Մասնակիցներուն թիւը եղած է 200-300: Թրամփի համակիրները երկրի տարածքին նուազ քան մէկ շաբթուան ընթացքին փոքր քայլարշաւներ կազմակերպեցին:

Միացեալ Նահանգներու առնուազն 28 նահանգներու մէջ տեղի ունեցած «Ամերիկայի ոգին» խորագիրին տակ կատարուած քայլարշաւներու կազմակերպիչները յայտնեցին, որ աւելի տկար մասնակցութիւն կը նախատեսեն, քան այն մեծ հաւաքները, որոնք կատարուեցան մայրաքաղաք Ուաշինկթընի եւ այլ քաղաքներու մէջ` Թրամփի դէմ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.